ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս տարի եւս հայրական հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ համայնքային վարժարաններու սաները։ Շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ լիսէներու մտից քննութիւնը՝ LGS-ն, որու ընդառաջ, երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ խումբ մը աշակերտներու հետ։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որմէ վերջ ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Էսաեան, Մէրամէթճեան, Արամեան-Ունճեան, Գարակէօզեան, Թարգմանչաց, Գալֆաեան եւ Մխիթարեան վարժարաններու աշակերտներուն հետ։ Քննութեան ընդառաջ, տղաքը իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հետ մասնակցեցան ժամերգութեան եւ լսեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յորդորները։ Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին մաղթեց յաջողութիւն, ինչպէս նաեւ կրթական կեանքի շարունակութեան համար տուաւ խորհուրդներ՝ մասնաւորապէս յաւակնոտ յաջողութիւններու ձգտելու եւ ինքնութեան վերաբերեալ խնդիրները չանտեսելու ուղղութեամբ։
Արձակման փուլին հնչեցին երկու աղօթքներ. մին՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս», իսկ միւսը՝ «Պահապան Ամենայնի»։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակից հոգեւոր հայրերը արարողութեան աւարտին մի առ մի մօտեցան աշակերտներուն՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ անոնց կեանքի ճանապարհը Աստուծոյ օրհնութեամբ կ՚ըլլայ կանաչ։