ՄԱՀ՝ ՄԵԼԻՔՃԱՆ ԶԱՄԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զաման։ Բօթը իսկապէս ցնցում յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Մելիքճան Զամանին մահը շատ անժամանակ է, որովհետեւ ան երիտասարդ տարիքի մէջ դարձած է յանկարծամահ։ Մնաց որ, իր ծաւալած բազմակողմանի գործունէութեամբ ան համատարած գնահատանքի եւ համակրանքի արժանացած էր տասնամեակներէ ի վեր։
Մելիքճան Զամանի աստղը համայնքային կեանքէն ներս փայլած էր՝ որպէս երաժիշտ։ Յաջորդող ժամանակաշրջանին ան նուիրուած էր նաեւ կրթական ասպարէզին։ Ստանձնելով Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը՝ ան դպրոցէն ներս վերելքի ժամանակաշրջանի մը սկիզբը դրած էր։
Դժբախտաբար, Մելիքճան Զամանի կորուստը կու գայ համայնքային կեանքէն ներս այնպիսի վէրք մը բանալու, որու սպիացումը իսկապէս դժուար է պատկերացնել։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք սիրելի եւ անմոռանալի Մելիքճան Զամանին եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր ամբողջ ընտանիքին։ Սուգի ծանր պահուն կը վշտակցինք նաեւ Եշիլգիւղի ընտանիքին։