Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Պատարագիչ հայր սուրբը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Թարգմանչաց սերունդին ձօնուած շարականի առաջին տողին. «Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստն անեղին»։ Ան բացատրեց, որ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը ունէին հաւատք ու տեսիլք եւ աշխատանքի մարդ էին։ Այդ բոլորը ծնունդ տուաւ հայոց պատմութեան մեծագոյն դէպքերէն մէկուն՝ Գիրերու գիւտին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան հիւրընկալմամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2025