ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնը։ Այս առթիւ յիշատակուեցան Թարգմանիչ վարդապետները՝ մանաւանդ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու հայոց տառերու գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը։ Քաղաքիս եկեղեցիներուն մէջ աւանդական շուքով նշուեցաւ տօնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Օրուան քարոզը խօսեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու անուան տօնն էր։ Նորին Ամենապատուութեան համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ՝ արեւշատութեան բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ։
Բաց աստի, տօնական օրուայ աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս երիտասարդներու ուղղեալ պարի ձեռնարկ մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ գլխաւորութեամբ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի։