ԱՔՍԵԼ ՊԵՇԻՐԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Թուրքիոյ մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ, Աթագիւղի մարզասրահին մէջ կազմակերպուած Իսթանպուլի փոքրերու առաջնութեան ծիրէն ներս, Շիշլի մարզակումբէն Աքսել Պեշիրեան հասաւ ծափահարելի յաջողութեան մը։ Ան բարձր ցատկի մէջ դարձաւ Իսթանպուլի առաջինը, հասնելով 1,32 սմ. բարձրութեան։ Բաց աստի, ան Իսթանպուլի երրորդը հանդիսացաւ բարձր ցատկի մէջ, հասնելով 4,09 սմ. հեռաւորութեան։ Աքսել Պեշիրեան մարզուած էր Հաքան Կիւնարթանի կողմէ։

Նոյն մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Շիշլիի մարզիկներէն Ռոյ Լուքաս Պաքըրճը, Մարէ Եաշկիւչլիւքալ եւ Նարէ Եաշկիւչլիւքալ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2025