ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԻՀՐԱՆ ՈՒԼԻԿԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ առաւօտ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի հեղինակաւոր դէմքերէն, վաստակաշատ ու երախտաշատ ազգային գործիչ Միհրան Ուլիկեան։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է համայնքային շրջանակներէն ներս ու պատճառ դարձած համատարած ցաւի, հաշուի առնելով, որ Միհրան Ուլիկեան ուրոյն հետք մը ունէր թրքակայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց վրայ։ Ան համեստութեան, համագործակցութեան եւ զոհողութեան կերպար մըն էր, իբր այդ բոլորի յարգանքին ու համակրանքին արժանացած էր։ Իր վստահելի եւ ուղիղ նկարագրով, հաղորդական խառնուածքով անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած էր համայնքային կեանքի զանազան տագնապալի փուլերուն՝ հեռատեսութեամբ ու հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ հերոսութեան համազօր քայլեր առած էր՝ միշտ նախընտրելով մնալ բեմահարթակի ետեւը։ Միհրան Ուլիկեան թէեւ իսկական ազգասէր մըն էր, սակայն, երբեք իրեն բնորոշ չէին ամբոխավարութիւնը, ամբոխահաճութիւնը, որովհետեւ ան բնականոն պարտականութիւն կը համարէր իր մատուցած ծառայութիւնը։ Իր սերունդի տիրական ու ինքնուրոյն դէմքերէն մին էր, ունէր համայնքային կեանքէն ներս իր անշեղ գիծը եւ իր գործելաոճով յաջողած էր բոլորին սիրտը գրաւել, բոլորին անվերապահ վստահութիւնը վայելել եւ ըլլալ բոլորին ուղեցոյցը։

Միհրան Ուլիկեան Սամաթիոյ ընտանիքի ծոցէն հասած էր, աւարտած էր Կեդրոնական վարժարանը։ Կեանքին մինչեւ վերջը Սամաթիան եւ Կեդրոնականը եղած էին իր համայքային գործունէութեան հիմնական առանցքները, որոնց վրայ յարաբերաբար աւելի ուշ աւելցած էր նաեւ Վաքըֆլըգիւղը։ Վարչական պաշտօններէն բացի տասնամեակներ շարունակ համալրած էր Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի շարքերը։ Մնացած էր Կեդրոնականի երախտապարտ սան։ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պայծառութեան համար ջանք ու եռանդ չէր խնայած՝ իր նուիրումով ու մղումով ապահովելով նաեւ զօրակցութեան շարժում մը։ 1998 թուականի պատրիարքական ընտրութեան եղած էր Ազգային պատգամաւորական ժողովի անդամ։

Առեւտրական կեանքի մէջ փայլուն յաջողութեան հասած գործարար մըն էր, սակայն, իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը երբեք չէր ենթադրեր նիւթականի դիրքերէ առաջնորդուիլ։ Ան համայնքային կեանքէն ներս կը նախընտրէր բոլորի աչքին ու սրտին մէջ մնալ՝ որպէս իր ազգին հարազատ զաւակը։ Իր բազմաթիւ սերնդակիցներուն նման, Միհրան Ուլիկեան գործած էր այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ թրքահայ հաստատութիւնները այսօրուան հնարաւորութիւններէն զուրկ, կարելիութիւններէն շատ հեռու էին։ Ան եղած էր անվհատ պայքարի մարդ մը՝ խորապէս համոզուած ըլլալով, թէ հաւաքական յարաբերութեան հիմնական գրաւականը կը համարուին՝ լեզուի, մշակոյթի եւ հաւատի նման անանց արժէքները։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հպարտ զաւակներէն էր՝ քանիցս ուխտի գացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Հայ Երուսաղէմ եւ այլն։

Ազգային կեանքէ ներս իր գործունէութեան ամբողջին մէջ կ՚առանձնանար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որու հաւատարիմ ընթերցողն ու թունդ համակիրն էր՝ մանաւանդ, որ եղած էր նաեւ թերթիս 90-ամեակի յոբելենական կարգադիր յանձնախումբի ատենապետը։

Միհրան Ուլիկեան ընկերային շրջանակէն ներս կը բուրէր քաղցրութիւն, քաջ կենցաղագէտ էր, տիպար ընտանեկան հայր մըն էր, որու սէրը շռայլօրէն կը տարածուէր հարազատներուն վրայ։ Ամուսնացած էր Զապէլ Կէօքչէ-Ուլիկեանի հետ. բախտաւորուած էին որդիներով։

Դժբախտաբար, Միհրան Ուլիկեան վերջին տարիներուն առողջական լուրջ խնդիրներէ կը տառապէր։ Մտային պայծառութեան կաղացման առընթեր՝ կը դիմագրաւէր նաեւ օրկանական բարդութիւններ, որոնց հետեւանքով ատեն-ատեն հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ կ՚առնուէր։ Իր կողակիցը՝ Զապէլ Ուլիկեան մեծ զոհողութիւններ յանձն առած էր խնամելու համար Միհրան Ուլիկեանը՝ մա՛նաւանդ, վերահսկելի հունի մէջ պահելու համար ընդհանուր ընթացքը։ Դժբախտաբար, մասնագիտական ջանքերն ու ընտանիքին խնամքը բաւարար չեղան երկարաձգելու համար իր երկրաւոր կեանքը եւ ան երէկ առաւօտ բնակարանի խաղաղ մթնոլորտին մէջ աչքերը փակեց կեանքին, հոգին աւանդեց՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու բոլոր սիրելիները, որոնց յիշողութեան մէջ իր պայծառ յիշատակը կը մնայ անթառամ։ 

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 մարտ 2025, շաբաթ, ժամը 12.00-ին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։

Երկնային հանգիստ կը հայցենք Միհրան Ուլիկեանի բարի հոգւոյն՝ խոնարհելով իր յիշատակին առջեւ եւ աղօթելով, որ իր յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք այրիին՝ Զապէլ Ուլիկեանին եւ համայն ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025