Երկուշաբթի 12, Մայիս 2025
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ նախաճաշ մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ջերմ եւ մտերմիկ զրոյցի բեմահարթակը հանդիսացաւ դպրոցի սրահը, ուր յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ասլին Ճանճիկի։ Արտասանութիւններով հանդէս եկան՝ Վարդանոյշ Չերմէ, Սէրտա Թաշճեան, Աղաւնի Ճեհերեան եւ Ժպիտ Փորթագալեան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ տնօրէն Սերքան Քըյըճը Մայրերու օրուան առթիւ շնորհաւորեցին ներկաները։
Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025