ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 564-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 564-րդ տարեդարձը երէկ աւանդական արարողութեամբ նշուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցան պոլսահայ հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ։ Կանոնական ժամերգութենէն վերջ կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի մաղթանք, որու աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Աւելի վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ բոլոր գահակալներուն համար։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց դասու անդամները տարեդարձի առթիւ համախմբուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։ Հոգեւոր հայրերը Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։