ԱՄՐԱՆ ՃԱՄԲԱՐԸ՝ ԴՐԱԽՏԻ ՕՐԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ մեր համայնքի այն մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ, որոնք ամրան արձակուրդի առթիւ կը հիւրնկալուին Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ակամայ փակ է՝ երկու տարիէ ի վեր այս միջանկեալ կարգադրութիւնը կը կատարուի՝ հայ եւ յոյն համայնքներու եղբայրական զօրակցութեան հիման վրայ։ Մեր համայնքի համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակներուն տեսակէտէ այս հնարաւորութիւնը շատ կարեւոր է։ Անոնց Գնալըի յունաց ամրան ճամբարէն ներս կեցութիւնը պիտի տեւէ շաբաթ մը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը միշաբաթեայ այս կեցութեան առաջին քայլափոխին մէկտեղուեցաւ մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ, որոնց բաշխեց իր օրհնութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական սիրոյ առարկայ դարձուց տղաքը՝ իր կողքին ունենալով Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ու Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանը։ Ներկայ էին նաեւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու եւ ընկերները, տիրամայր Մարի Մութաֆեան, յունաց վանքի պատասխանատու Տիամանտի Քումվոփուլոս եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ իբրեւ կամաւոր կը համակարգէ տղոց կեցութեան աշխատանքները։ Ան եղած է կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի՝ փակուած պահու դրութեամբ վերջին ատենապետը եւ այդ փորձառութեամբ ներկայիս կ՚իրականացնէ այս առաքելութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ժամանումէն անմիջապէս վերջ, վանքի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն մը։ Ան աւելի վերջ նախագահեց ճամբարի բակին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Բացօթեայ այս հաւաքոյթը տօնախմբութեան համազօր էր՝ մանաւանդ, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական զրոյց ունեցաւ տղոց հետ։ «Աստուած մարդը արձակուրդի համար ստեղծեց։ Դրախտի պարտէզը այդպիսի վայր մըն էր։ Դրախտի օրերը ուրախ էին՝ առանց ցաւի ու զուարթ։ Այս ճամբարն ալ այդ դրախտի օրերը կու տայ ձեզի։ Աստուած մեզի դրախտը տուաւ, մենք ալ մարդկութեան համար դրախտ պէտք է շինենք», ըսաւ ան եւ տղոց յորդորեց արձակուրդի օրերուն մտածել նաեւ Աստուծոյ մասին։ «Ան աշխարհը գեղեցկացուց, մենք ալ մեր շրջապատը գեղեցկացնենք», խրատեց ան։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք բաժին ստանձնած են այս ծրագիրը կեանքի կոչելու ճանապարհին։ Նորին Ամենապատուութիւնը արժեւորեց նաեւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կեցուածքը՝ հաշուի առնելով, որ ճամբարի առաջին օրուան ընթրիքի ծախսերը սիրայօժար դիմագրաւուած էին։ Ի լրումն այս բոլորին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց բարերարներու հանգուցեալ պարագաներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Ճաշի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Արի Չոլաք, որ վստահութիւն յայտնեց, թէ այս մէկ շաբթուան կեցութիւնը հաճելի յիշատակի մը կը վերածուի տղոց տեսակէտէ։
Յունաց ճամբարէն ներս հիւրընկալուած տղաքն ալ, իրենց հերթին, երգերով ու պարերով հանդէս եկան՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Գնալը կղզի հասնելէ վերջ, յունաց վանքի ճանապարհին, տղաքը առաջնորդուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր միասնաբար աղօթեցին։