ՍԻՊԻԼԻ ՆՈՐ ԵՐԳԸ՝ «ԱՐԵՒԻՆ ՄՕՏ» ՊԻՏԻ ԾԱՆՈՒՑՈՒԻ ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ

Հայ երաժշտական աշխարհի համակրելի աստղերէն Սիպիլ արդէն պատրաստած է նոր երգ մը, որ առաջին անգամ այս ուրբաթ պիտի ներկայացուի իր «YouTube»ի ալիքին միջոցաւ։ Սիպիլի բոլոր երգերը եւ անոնց առթիւ պատրաստուած տեսահոլովակները վերջին տարիներուն կը մագնիսացնեն երաժշտասէրներուն ուշադրութիւնը։ Արդարեւ, Սիպիլի տպաւորիչ ձայնը կ՚ուղղորդուի իսկապէս լաւ պատրաստուած նկարահանումներով եւ անոնց կազմած ամբողջը միշտ կ՚ունենայ ողջունելի արդիւնք։

Սիպիլի այս նոր երգը կը կոչուի «Արեւին մօտ»։ Համապատասխան տեսահոլովակին բեմադրիչն ու միեւնոյն ժամանակ դերակատարն է այլ յայտնի անուն մը՝ Մայքըլ Կիւրճիեան, որ մօտաւոր անցեալին եկած էր Իսթանպուլ։ 

Գեղարուեստասէրները մէկ կողմէն խանդավառութեամբ կը սպասեն ունկնդրել Սիպիլի նոր երգին, իսկ միւս կողմէ տեսահոլովակն ալ այժմէն բոլորին կողմէ նոյնքան հետաքրքրութեամբ կը սպասուի՝ քանի որ բոլորը կ՚ուզեն տեսնել Սիպիլի եւ Մայքըլ Կիւրճիեանի միասնութեան արդիւնքը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025