«ODATV» ԱՐՁԱԳԱՆԳ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ İTİMAT BÜROSU-Ի ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգը կը զբաղեցնէ İtimat Bürosu-ի գայթակղութիւնը։ Վերջին շրջանին Կրօնական ժողովն ալ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով եւ նախաձեռնութեամբ մասնակից դարձած է այս հարցին։ Այս բոլորէն վերջ, երէկ, «OdaTV» ալ արձագանգ հանդիսացաւ վերջին իրադարձութիւններուն՝ «Հայ համայնքէն ներս ապօրինութիւն» խորագրին ներքեւ։ Ո՛չ միայն Պատրիարքարանէն հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցներուն, այլեւ առցանց միջավայրի մէջ բարձրաձայնուած պնդումները ամփոփուած են այս հաղորդման մէջ։ Յիշեալ լրատուամիջոցը տեղ տուած է վերջին օրերու ժողովներուն ու նշած է, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) խորհուրդ տրուած է ուսումնասիրութեան համար յանձնախումբ մը ստեղծել։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025