ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՈԳԵՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ
Շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս սկիզբ առած է ուխտի շաբաթ մը։ Սա վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթաց մըն է, որ կ՚ունենայ դրական արդիւնք։ Ուխտի շաբթուայ առաջին քայլափոխին կեանքի կոչուեցաւ մանկանց առաքելութեան տեսակէտէ խանդավառ ծրագիր մը։ Այսպէս, երէկ, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս համախմբուեցան բազմաթիւ մանուկներ եւ պատանիներ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Նախագծի պատասխանատուներէն Թանիա Փաքերթիքի վերահսկողութեամբ տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։ Անոնք մօտալուտ տաղաւարի վերաբերեալ տեղեկութիւններ ստացան եւ իրենց համար գործադրուած յայտագիրէն ունեցան վառ տպաւորութիւններ։
Այս նախաձեռնութեան զօրակցած էին Կղզեաց թաղային խորհուրդն ու Ներսէսեան դպրաց դասը։