ՀԱՅԿ ԱՍԼԱՆԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳԻՐՔ ՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց երախտաշատ համայնքային գործիչ եւ ազգային բարերար Հայկ Ասլանեանը, որու հետ էին «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս եւ խմբագրակազմէն Մարալ Ֆուքս։ Հարկ է նշել, որ այս հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է՝ Հայկ Ասլանեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ հաստափոր գիրք մը։ Այցելութեան ընթացքին Հայկ Ասլանեան օրինակ մը նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ծանօթանալով հատորին՝ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայկ Ասլանեանի նման երախտաշատ համայնքային գործիչի մը վաստակը այս ձեւով կ՚անմահանայ եւ կ՚արժեւորուի մնայուն ձեւով։ Ան գնահատեց նաեւ Մայտա Սարիսն ու Մարալ Ֆուքսը, որոնք գիրքի պատրաստութեան մէջ դեր ստանձնած էին։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հայկ Ասլանեանին փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2026