ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ «ՆԱՐԵԿԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ խանդավառ համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանէն «The Beautified Project» յայտնի երաժշտական խումբը, որու կազմին մէջ կը գտնուին Անտրէ Սիմոնեան, Արմէն Շահկելտեան եւ Առլէն Շահկելտեան։ Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլն ալ միացաւ այս խումբին, ինչ որ ներկաներուն տեսակէտէ բացառիկ վայելքի մը վերածուեցաւ։ Արուեստագէտներուն միացած էին նաեւ Թուրքիայէն Մերթ Էլմաս եւ Պուրակ Մալչոք։

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի միջոցներով կազմակերպուած ձեռնարկին հասոյթը տրամադրուեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին։

Հաւաքոյթի աւարտին գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ ջերմօրէն շնորհաւորեց ծրագրին ներգրաւուած արուեստագէտները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2026