ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ ՆԱԽԸՆԹԱՑ ՕՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անգարայի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը՝ պոլսահայ կրթական կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի նախաձեռնութեամբ, մայրաքաղաք այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։ Այս վերջինները համայնքային վարժարաններու տնօրէնները ներկայացուցին՝ որպէս պատուիրակութիւն, որ Ազգային կրթութեան նախարարութենէն ներս ունեցան կարեւոր հանդիպում մը։ Սվաճըօղլուի ներկայութեամբ, անոնք ընդունուեցան նախարարութեան Մասնաւոր կրթական հաստատութիւններու ընդհանուր տնօրէն Ֆեթհուլլահ Կիւնէրի եւ տեղակալին՝ Մեհմէտ Պարանի կողմէ։ Հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ։
Մխիթարեան վարժարանի քարտուղարութենէն երէկ այս հանդիպման շուրջ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ Անգարայի մէջ քննարկումներ ծաւալուեցան փոքրամասնական վարժարաններու պարագային վերջին շրջանին ծագած հարցերուն շուրջ։ Այսպէս, թրքերէնի եւ ընկերային առարկաներու ուսուցիչներու՝ փոքրամասնական վարժարաններէ ներս պաշտօնի կոչման հիմունքները վերջին շրջանին փոփոխութեան ենթարկուած էին՝ համապատասխան կանոնադրութեան մէջ կատարուած նորութեամբ։ Այս հարցին շուրջ ծաւալուեցան խորհրդակցութիւններ։ Նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները նշեցին, որ այդ յօդուածները քննարկման բաց են եւ թոյլ պիտի չտրուի, որպէսզի անոնց հետեւանքով փոքրամասնական վարժարաններուն առջեւ խնդրայարոյց վիճակներ ցցուին։ Ընդհանուր տնօրէնը եւ տեղակալը դիտել տուին, որ խնդիրը պէտք է ըմբռնել՝ որպէս գործընթաց եւ ժամանակի վրայ տարածուելով ամէն ինչ կը լուծուի հարթ ձեւով։ Անոնք նշեցին, որ նախարարութիւնը պատրաստ է ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերելու։
Հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնուած է ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինին, ԱՔ կուսակցութեան պատգամաւոր Սվաճըօղլուին, Ֆեթհուլլահ Կիւնէրին, Մեհմէտ Պարանին, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի կրթական տնօրէն տոց. Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւրին։