Ուրբաթ 14, Մարտ 2025
ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր գիտական ձեռնարկ մը կազմակերպեց՝ ի ոգեկոչումն թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի բարեյիշատակ տնօրէնուհի ողբացեալ Թալին Մաթոսօղլուի։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնին կողմէ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ «Գիտութիւն, փորձ եւ զգայնութիւն ընկերային կեանքի» խորագրեալ այս նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Նախագծին մասնակցեցան համայնքային միջնակարգերու 7-րդ դասարաններու սաները։ Միջվարժարանային ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին ելոյթով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ դպրոցի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ։
Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025