ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն Սագօ Արեանին։ Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ծանօթ է, որ Նորին Ամենապատուութիւնը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Իր կեցութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մայրավանքի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Սագօ Արեանը, որ իր հետ տեսագրեց հարցազրոյց մը։ Ծանօթ է, որ Սագօ Արեան գլխաւոր խմբագիրն է «Արեւելք» լրատու կայքէջին եւ այդ տեսակցութիւնը կատարած է՝ «Անկեղծ զրոյց» շարքին համար։ «Արեւելք»ի վրայ Նորին Ամենապատուութեան հետ կատարուած հարցազրոյցը պիտի հեռարձակուի մարտի 18-ին։
Երէկ երեկոյեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրաժեշտ առաւ Վեհափառ Հայրապետէն։ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով ան Հայաստանէն վերադարձաւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Օդակայանին մէջ դիմաւորուելէ վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը անմիջապէս Պատրիարքարան առաջնորդուեցաւ։ Դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղեւորութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ որպէս գաւազանակիր ընկերացաւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։