ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Դերասանուհի, թատերական գործիչ Պերճուհի Պէրպէրեանի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Հեղինակի 40 տարիներու գեղարուեստական գործունէութեան՝ յուշերու ձեւաչափով խտացումն է այս գործը, որ կարեւոր երեսակներ կը պարունակէ նաեւ թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց տեսակետէ։ BGST-ի կողմէ հրատարակուած է գիրքը, որու կղզիի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ «Հինա» սրճարանին մէջ։
Բացօթեայ հաւաքոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ նոյնպէս յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու, որ հեղինակի եղբայրն է։ Ապա, թատերական գործիչ Տույկու Տալեանօղլու, որ գիրքը խմբագրած է, Պերճուհի Պէրպէրեանի հետ ունեցաւ կենդանի զրոյց մը։ Յայտագրին մասնակցութիւն բերին նաեւ Առլէթ Մենշուրօղլու եւ Սէրտա Արսլան, որոնք անցեալին համագործակցած են Պերճուհի Պէրպէրեանի հետ։
Հուսկ, հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը՝ ջերմ գնահատանքով ու համակրանքով, յարատեւութեան անկեղծ բարեմաղթանքներով շրջապատուելով ներկաներուն կողմէ։