ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԷԼԱԶԸՂԻ ԵՒ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Բուն բարեկենդանի առթիւ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան մեկնեցաւ Էլազըղ: Հովուական ուղեւորութեան ընթացքին տէր հօր կ՚ընկերանար Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ ուրարակիր դպիր Թապաշեան:
Այսպէս, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Էլազըղի հայոց գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը՝ նիւթ ունենալով Բարեկենդանը, որ կը խորհրդանշէ դրախտի մէջի մարդու կեանքը: «Բարեկենդանը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ հետ մեր ապրած կեանքը, իսկ մեզ ուրախ կեանքէն հեռացնող ամէն ինչ մեզ մեղքի տանող ազդակներ են: Բարեկենդանութիւնը կ՚ըլլայ հաւատքով ու սիրով», ըսաւ տէր հայրը: Ապա ներկաներուն փոխանցեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հայրական օրհնութիւնները: Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Էլազըղի հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ: Իսկ յաւարտ արարողութեանց փակուեցաւ մատրան վարագոյրը՝ ի նշան Մեծ պահքի:
Հակառակ տիրող ցուրտին, արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները, ինչպէս նաեւ Տիարպաքըրէն ժամանած հաւատացեալներ՝ գլխաւորութեամբ տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներէն Վոլքան Արատի:
Բաց աստի, տէր հայրը մէկտեղուեցաւ ու զրուցեց տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն հետ:
Յաջորդ օրը, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան Ս. Յարութիւն մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին խօսեցաւ խրատական մը՝ մեր կեանքին մէջ պահքի կարեւորութեան եւ մեր բարեփոխութեան համար սքանչելի առիթ ըլլալուն կապակցութեամբ: Ան մաղթեց, որ Բարեկենդանը օրհնութիւններ բերէ մեր կեանքերուն եւ առիթ ըլլայ Աստուծոյ ու մարդու մերձեցման: Մինչ այդ, տէր հայրը հաւատացեալներուն փոխանցեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հայրական օրհնութիւնները: Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ տեղւոյն հանգուցեալներու հոգւոցն եւի մասնաւորի քառասնօրեայ հանգուցեալ Վահէ Պենկիի հոգւոյն ի հանգիստ:
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին փակուեցաւ մատրան վարագոյրը՝ ի նշան Մեծ պահքի: Արարողութեանց մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները: Տէր հայրը այստեղ եւս մէկտեղուեցաւ ու զրուցեց տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն հետ եւ իրենց մաղթեց առողջ ու օրհնութիւններով լի Մեծ պահոց շրջան մը:
Նոյն երեկոյեան Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Եուսուֆ Թապաշեան ցամաքի ճամբով վերադարձան Հաթայ: