Չորեքշաբթի 16, Ապրիլ 2025
ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ 4 ԲԱԺԱԿ
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ յաւակնոտ յաջողութիւններ արձանագրել բոլոր ճիւղերու մէջ։ Ակումբի ճատրակի զանազան խումբերը վերջերս չորս բաժակ նուաճելով յաջողութեան նոր չափանիշ մը սահմանեցին։ Փոքրերու եւ աստղերու լիկերուն մէջ Շիշլի պայքար մղեց չորս խումբով, 18 մարզիկով։ Շիշլիցիները յաջողեցան բոլոր դասաւորումներու մէջ դափնեկիր դառնալ։ Մրցակցութեան մասնակից ակումբներէն որեւէ մէկը այսպիսի արդիւնք մը չէ ունեցած։
Հարկ է նշել, որ Շիշլիի ճատրակի կազմերը կը մարզէ Սարվէն Չաքմաք, որու իմաստուն մականին ներքեւ արձանագրուած արդիւնքները կ՚արժանանան բոլորի գնահատանքին։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2025