ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի խանդավառ հանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան եւ դպրոցի մատակարար մարմնի փոխ-ատենապետուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւս ներկայ էին հանդէսին։ Յայտագրի տեւողութեան խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ փոքրիկ սաներու յաջող ելոյթներով, որոնք ծափողջոյններու արժանացան։
Եզրափակիչ փուլին շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը եւ Գազանճեան Գերապայծառը։ Այս վերջինը, բացի մօտալուտ Ս. Զատիկին անդրադառնալէ, իր խօսքին մէջ արժեւորեց նաեւ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանը։