ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ԵՐԷԿ ՊԱՀՔԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆՈՎ ՄԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ՔԱՂԱՔԻՍ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Իսթանպուլի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր երէկ մէկտեղուեցաւ փոքրամասնութեանց վարժարաններու վարիչներուն հետ։ Շիշլիի Ուսուցչաց տան համալիրէն ներս ան պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց՝ ի պատիւ փոքրամասնութեանց վարժարաններու պատասխանատուներուն։ Բացի հայկական դպրոցներէն, յունաց, հրէից եւ ասորիներու կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ալ մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։ Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւրի կողքին էին Իսթանպուլի կրթական տնօրէնութեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ մանաւանդ մասնաւոր կրթական հաստատութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Աթիլլա Մութլու։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Շիշլիի կրթական տնօրէն Սեւկի Եիւճէլ, այլ գաւառակներու կրթական տնօրէնները եւ պատասխանատուներ։ Նկատի ունենալով, որ հաւաքոյթը Շիշլիի Ուսուցչաց տան երդիքին տակ կազմակերպուած էր՝ Սեւկի Եիւճէլ հիւրընկալի դերին մէջ էր։

Թրքահայ համայնքին կողմէ մասնակցեցան վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները, հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները։ Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու շարքին արտայայտուեցան Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան եւ Մխիթարեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։ Հաւաքոյթի տեւողութեան այլ ներկաներ ալ հանդէս եկան սրտի խօսքերով։

Ճաշի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ՝ վերջին օրերուն հանրային կարծիքին մօտ արձագանգ գտած ցեղապաշտ ու խտրական խօսոյթի դրսեւորումներուն։ Փոքրամասնութեանց վարժարաններու ներկայացուցիչները երէկ կազմակերպուած սեղանը համարեցին՝ այդպիսի երեւոյթներու դէմ լաւագոյն հակազդեցութիւնը՝ դէպի ապագայ միասնաբար ուղեւորուելու ճանապարհին։

Եզրափակիչ փուլին Տիգրան Կիւլմէզկիլ յուշանուէր մը յանձնեց Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւրին։ Անոնք միասնաբար հանեցին նաեւ աւանդական մռմռասի վերջին փետուրը։ 

Բոլորը հրաժեշտ առին փոխանակելով բարեմաղթանքներ՝ մանաւանդ շնորհակալութիւն յայտնելով կրթական տնօրէնին։ 

   

Երեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2025