ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՃԱՇ
Երէկ, Գումգաբուի ընտանիքը բարոյական տուրք մատուցեց՝ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի երկու երէց ու նուիրեալ անդամներու յիշատակին նկատմամբ։ Այսպէս, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի ուսումնարանէն ներս հոգեճաշ մը սարքուեցաւ՝ ի յիշատակ Կարպիս Քըլըճեանի եւ Յակոբ Ալսամուրի, որոնք երկար տասնամեակներ անսակարկ նուիրուածութեամբ ծառայութիւն մատուցած էին՝ բոլորի գնահատանքին եւ համակրանքին արժանանալով։
Հոգեճաշի սեղանին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, Տ. Գասբար աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։
Յանուն Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Յովսէփ Գույումճեան, որ վերյիշեց երկու երախտաշատ դպիրներու երկարամեայ սպասարկութիւնը։ Մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց հոգեճաշի սեղանը, Տ. Արամ արք. Աթէշեանն ալ առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, վախճանեալ դպիրներու յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։