Երեքշաբթի 26, Մայիս 2026
ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ SCRABBLE-Ի ՄՐՑՈՅԹ
Երէկ, Էսաեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ միջլիսէական «Scrabble»ի մրցոյթը, որ 15-րդն էր իր նմաններու շարքին: Էսաեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցութիւն բերին համայնքային լիսէներու ներկայացուցիչ խումբերը:
Մրցոյթի տեւողութեան տղաքը չափեցին իրենց գիտելիքները անգլերէնի վերաբերեալ: Արդիւնքին, դափնեկիրները պարգեւատրուեցան՝ խմբային եւ անհատական դասաւորումներու հիմունքով: Եզրափակիչ փուլին շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Տենչա Չնար, որ գնահատեց մասնակից աշակերտները եւ զանոնք վերահսկած կրթական մշակները:
Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026