ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ «ՕՐԹԱՔԵԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ այս շաբաթավերջին կը գտնուի քաղաքիս մէջ: «Օրթաքեան» պարախումբը եկած է Էջմիածին քաղաքէն: Այնտեղ կը գործէ համանուն պարի դպրոց մը եւ այս մէկն ալ այդ պարի դպրոցի պարախումբն է: Դպրոցի, հետեւաբար նաեւ պարախումբի հիմնադիրն է Պետրոս Օրթաքեան, որու մականին ներքեւ կը գործէ պարախումբը: 

Այս շաբաթավերջին «Օրթաքեան» պարախումբը քաղաքիս մէջ պիտի ունենայ շարք մը ելոյթներ: Ուստի, անոնց ընդառաջ, Պոլիս հասնելէ վերջ խումբը ներկայացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ ստանալու համար իր օրհնութիւնը: Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց պարախումբը եւ յոյս յայտնեց, թէ այս այցելութիւնը կը վերածուի դրական առիթի մը՝ թէ՛ երիտասարդներու մօտ համախմբումով բարձր տրամադրութիւն ստեղծելու եւ թէ զանոնք հայկական պարարուեստի աւանդութիւններուն հաղորդ դարձնելու տեսակէտէ:

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան: Ներկաներու շարքին էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ՝ մանաւանդ, որ թաղականներէն Ղազար Սապունճու այս ծրագրի մղիչ ուժն է:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026