ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ցրուիչը, որ թերթերը ամէն օր կը հասցնէ Գարագիւղ, Գումգաբու, Սամաթիա, Պաքըրգիւղ եւ Եշիլգիւղ, անակնկալօրէն գործողութեան մը ենթարկուելու պարտաւորուած է։ Իր վիրահատութեան շրջանին յիշեալ ուղղութեան վրայ անխուսափելիօրէն պիտի ընդհատուի թերթիս ցրուումը։

Լիայոյս ենք, թէ մեր գործընկերը կը վերագտնէ իր առողջութիւնը ու կը վերադառնայ իր գործին գլուխը։

Ակամայ կացութեան համար կ՚ապաւինիք մեր ընթերցողներու հասկացութեան եւ ներողամտութեան։

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025