ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԱՂՕԹՔ
Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ուխտի շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն մասնակցեցան Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներն ու պատանիները։ Ներկայ էին նաեւ Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի ամրան ճամբարին մէջ արձակուրդի համար հիւրընկալուած մեր համայնքի տղաքը։
Արարողութեան ընթացքին բոլորը աղօթեցին եւ իրենց սրտի փափաքը բաժնեցին Ս Մարիամ Աստուածամօր հետ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ բացատրեց, որ Ս. Մարիամ Աստուածամօր համար հաճելի է մանկանց աղօթքը, որովհետեւ ան մանուկ Յիսուսի ձայնը կը լսէ անոնց մէջ եւ սրբութիւնը միշտ կ՚ըլլայ շեշտադրուած։ Արարողութեան եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ բացօթեայ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակէն ներս կատարուեցաւ Անդաստան։
Աղօթքի աւարտին տղաքը եկեղեցւոյ շրջափակին պարեցին եւ հաճելի ժամանց ունեցան իրարու հետ։