ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Եշիւլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Էրոլ Չնարն ու գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան քահանայ Արապեան: 

Թաղականները նշեցին, որ Եշիլգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի նշել՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակի, իսկ թաղի դպրոցի հիմնադրութեան 70-ամեակի կրկնակ յոբելեանները: Այս առթիւ նախատեսուած է մշակութային ձեռնարկ մը, որուն զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ նաեւ՝ ի նշանաւորումն այս կրկնակ յոբելեաններուն պատրաստուած խաչքարի մը բացումը:  

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յոբելեաններուն առթիւ օրհնութիւնը փոխանցեց եւ շնորհաւորութիւններ յղեց Եշիլգիւղի վարիչներուն, որոնցմէ տեղեկութիւններ քաղեց նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերջին նորութիւններուն շուրջ: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2026