ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑՈՅԹ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի աւանդական մրցաշարքը այս տարի եւս արձանագրեց մեծ յաջողութիւն։

Իր տեսակին մէջ 12-րդ այս նախաձեռնութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկին ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ աստղերու եւ փոքրիկներու դասաւորումներուն մէջ։ Ութ աստղերու եւ հինգ փոքրիկներու խումբերու մէջ՝ ընդամէնը 71 աշակերտ ճատրակի տախտակներուն գլուխը չափեց իր գիտելիքները։

Խմբային դասաւորման մէջ առաջին հինգ հորիզոնականները զբաղեցուցածները, իսկ անհատական դասաւորման մէջ առաջին երեք տեղերու տիրացածները դասուեցան դափնեկիրներու շարքին։

Խաղերուն յաջորդած մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մէրամէթեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, որ ողջունեց բոլոր մասնակից աշակերտները, զիրենք վերահսկած ուսուցիչները եւ հիւրերը։

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու եւս ներկայ գտնուեցան եզրափակիչ հանդիսութեան, որու ընթացքին յանձնեցին պարգեւներ։

Հուսկ, բոլորը զիրար շնորհաւորեցին եւ ժամադրուեցան յաջորդ տարուայ մրցաշարքին համար։

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025