ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասուն, որուն կ՚ընկերանային յանձնախումբի փոխ-ատենապետը՝ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ այլ վարչայիններ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական խաղերու շրջանակներէն ներս վերջերս Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցաւ վոլէյպոլի մրցաշարք մը։ Պոլսահայութիւնը ներկայացուցած իգական սեռի խումբը հանդիսացած է այս մրցաշարքին առաջինը։ Ուստի, քաղաքս վերադարձին տղաքը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ներկայացան իրենց բաժակով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց մարզիկներն ու վարչայինները, որոնց նկատմամբ արտայայտեց իր գնահատանքը եւ փոխանցեց օրհնութիւնները։ Վարչայիններն ալ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, որ մրցաշարքի արդիւնքով նուաճուած ախոյենութեան բաժակը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է թէ՛ տղոց մօտ եւ թէ ընդհանրապէս համայնքիս մարզասէր շրջանակներէն ներս։