ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆ
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայերէն թատրոնի փառատօնը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս նախաձեռնութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սիլվա Պալճըի։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Միջվարժարանային ձեռնարկի շրջանակներէն ներս համայնքային զանազան վարժարաններու աշակերտները բեմ բարձրացան՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Համայնքային շրջանակներէն թատերական գործիչներ ալ հետեւեցան աշակերտներու ելոյթներուն։
Ելոյթներէն վերջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն մը, որու ընթացքին դափնեկիր խումբերը ստացան իրենց մրցանակները։
Հուսկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։