ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՅԱՋՈՂ ՀԱՄԵՐԳԸ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրիօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական փայլուն ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Վարդանանց երգչախումբի երիատասարդաց կազմը հանրութեան ներկայացաւ իսկապէս յաջող համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ ունկնդիրներու հնչեցուցած բուռն ծափողջոյններով։

Ֆէրիգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ իսկապէս հպարտութեան առիթ մըն էր այս երեկոյթը, արդարեւ, Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը մեր համայնքային կեանքէն ներս ամենայաւակնոտներու շարքին է եւ երէկուան ձեռնարկը յոյս ներշնչեց անոր առաքելութեան յարատեւութեան տեսակէտէ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, քահանայ հայրեր, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչներ եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։ Բացման խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի սիւներէն Գարէն Թէրզեան, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլորը։

Վարդանանց երիտասարդաց երգչախումբը գործադրեց ճոխ յայտագիր մը՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի եւ Սարօ Սիրականեանի փերքիւսիոններով։ Երգացանկին մաս կազմեցին շարք մը յայտնի հեղինակներու գործեր. օրինակ՝ Կոմիտաս, Մակար Եկմալեան, Թաթուլ Ալթունեան, Խաչատուր Աւետիսեան եւ այլն։ Երգչախումի յաջող կատարումները պայմանաւորեցին սրահի մթնոլորտը՝ մինչ ունկնդիրները իւրաքանչիւր քայլափոխին արդէն եռանդով կը ծափահարէին երիտասարդ այս կազմը։ Հուսկ, փակման խօսքին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ թարգման հանդիսացաւ ունկնդիրներու խանդավառ տրամադրութեան, բարձր գնահատեց երիտասարդաց երգչախումբի արձանագրած յաջողութիւնը եւ մաղթեց յարատեւութիւն։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025