Չորեքշաբթի 16, Յուլիս 2025
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Ժպիտ Ալլահվերտեան վկայուած է Իսթանպուլի թեքնիք համալսարանի Ուսողութեան ճարտարագիտութեան բաժնէն։ Ան հանդիսացած է իր շրջանի երկրորդը։ Ժպիտ Ալլահվերտեան արդէն ուսանողութեան տարիներուն ուշադրութիւն գրաւած է իր կատարելութեամբ ու յաւակնոտ աշխատանքով։ Տակաւին համալսարանէն վկայուելէ առաջ իսկ, ան «Կարանթի» դրամատան կողմէ գործի ընդունուած է՝ որպէս գործարարութեան վերլուծաբան։
Ժպիտ Ալլահվերտեան նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարիներուն յաճախած է Պէզճեան Մայր վարժարան, ապա աւարտած՝ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժինը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ժպիտ Ալլահվերտեանը՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով իրեն։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025