Շաբաթ 16, Օգոստոս 2025
ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԸ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի ներկայ շաբաթավերջին, թրքահայ ազգգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերստին բոլորի ուշադրութեան կիզակէտին է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աւանդական շուքով տեղի կ՚ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը գլխաւորէ այս առթիւ կազմակերպուած տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Հրաշափառի արարողութեամբ դիմաւորուեցաւ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, որու շրջափակին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուած է՝ հակառակ մօտաւոր անցեալի աւերիչ երկրաշարժի առկայ հետքերուն։
Մինչ այդ, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հաթայի կուսակալ Մուսթաֆա Մասաթլըին։
Շաբաթ, Օգոստոս 16, 2025