ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՇԱՀԵԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռութեամբ կազմակերպուած՝ մշակոյթի եւ գեղարուեստի զրոյցներու շարքը վերջին շրջանին կը ստեղծէ հետաքրքրութիւն։ Այս շղթային վրայ նոր օղակ մը աւելցաւ՝ ամանորեան շրջանի աւանդութիւններուն վերաբերեալ զրոյցով մը։ Ձեռնարկի ատենախօսն էր Թամար Ըշըքճը Թաշճըօղլու, որ պատասխանեց՝ զրուցավարի դերը ստանձնած Գարին Ըշըքճըի հարցումներուն։ Ներկայ էր նաեւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճու։

Հետաքրքիրներու կոկիկ բազմութեան մը մասնակցութեամբ, անմիջական մթնոլորտով հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին թարմացած յիշողութիւնը վերակենդանացուց Գուզկունճուքի անցեալի ապրումները եւ յիշեցուց զանոնք արծարծուած պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025