ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին առթիւ։ Բաժակի օրը նշուեցաւ պատմական դպրոցի շէնքէն ներս։ Կեդրոնականցիներու տարեկան մեծ համախմբումն էր այս մէկը, որով բոլորը հերթական անգամ տոգորուեցան՝ դպրոցի երդիքին տակ զիրար վերագտնելու անբացատրելի զգացումներով։
Յոբելեար շրջանաւարտները, անշուշտ, ուշադրութեան կիզակէտին էին եւ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ստացան յուշանուէրներ։ Բաժակի պահուն հնչեց աւանդական կարգախօսը. «Ապրի՛ Կեդրոնականը, ապրի՛ կեդրոնականցին»։
Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլուն ալ ներկայ էին հաւաքոյթին։ Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան խօսք ուղղեց՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներուն։ Խնամակալութեան կազմէն Պօղոս Չալկըճըօղլու ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ բաժակի օրուայ աւանդութեան անցեալին շուրջ։ Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Հուսկ, բոլորը դպրոցի նուիրական երդիքէն հրաժեշտ առին անբացատրելի ոգեւորութեամբ՝ ժամադրուած ըլլալով յաջորդ տարուան համար։
Միւս կողմէ, Կեդրոնական սանուց Փարիզի միութիւնն ալ շաբաթավերջին կազմակերպեց աւանդական բաժակի օրը։ Շուրջ երեսուն շրջանաւարտ մասնակցեցաւ հաւաքոյթին, որու ընթացքին ատենապետ Արամ Շիմշիր արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։
