ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Եըլմազի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ փոխ-նախարար Կէօքհան Եազկը, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Սինան Աքսու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին՝ գաւազանակիր Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք, Պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքէն Կարօ Վռամ Պապայեան։ Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան մշակութային քաղաքականութիւններու խորհուրդէն Արամ Գուրան։
Զրոյցի ընթացքին գաւառի մեր եկեղեցիներու խնդիրները արծարծուեցան առաջնահերթօրէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ՝ շուրջ երկու տարի առաջ պատահած երկրաշարժներուն հետեւանքով վնասուած Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ վերականգնման նախագծին շուրջ։ Ան խնդրեց, որպէսզի աղօթավայրերու վերանորոգման համար նախատեսուած աջակցութենէն բաժին դուրս բերուի նաեւ այս ծրագրին համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախարարի ուշադրութեան մանրամասնութիւններ յանձնեց նաեւ՝ Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգման գործընթացի մասին՝ նոյնպէս օժանդակութիւն խնդրելով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արծարծեց նաեւ Վանի Վարագայ վանքի վերականգնման ու վերաբացման հեռանկարը։ Իր խօսքով՝ սա մեծապէս կրնայ նպաստել շրջանի զբօսաշրջութեան, նաեւ կը ծառայէ մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանման։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց նաեւ Անիի աւերակներու եւ Հռոմկլայի պարագային ձեռնարկուած աշխատանքներուն շուրջ։
Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան՝ թրքահայ համայնքի պարագային ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Ան առանձնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց AKM-ի համայնքային զանազան ձեռնարկներու համար տրամադրման ուղղութեամբ կատարուած բարեհաճ կարգադրութիւններուն բերումով։
Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր ալ կը շարունակէ իր շփումները մայրաքաղաքի մէջ։