Երեքշաբթի 17, Փետրուար 2026
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ ՀԱՍԱՒ ՍԱՆԿՏ ՓՈԼԹԵՆ, ՈՒՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ
Յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, Սանկտ Փոլթենի հաւաքին կը մասնակցի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երէկ յետմիջօրէին օդային ճամբով հասաւ Վիեննա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամն է, հաւաքի կազմակերպիչներուն կողմէ դիմաւորուելով՝ առաջնորդուեցաւ Սանկտ Փոլթենի պատմական վանքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը բացակայի հաւաքէն։
Կը նախատեսուի, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Վիեննայէն քաղաքս վերադառնայ այս շաբաթավերջին։
Երեքշաբթի, Փետրուար 17, 2026