ՏԽՐՈՒՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համակրելի եւ այնքան սիրելի մենեգչուհի Սիպիլ կորսնցուցած է իր անզուգական մայրը՝
ՏԻԿԻՆ
ՄԱՐԻ ՓԵՔԹՈՐՈՍՕՂԼՈՒՆ
Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է՝ մանաւանդ, որ հանգուցեալը մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական դէմքերէն մին էր՝ արժանացած ըլլալով յարգանքի եւ համակրանքի։ Ան հայկական նահապետական ընտանիքի տիպար մայր մըն էր, որ անսահմանափակ խնամքով եւ սիրով հովանին տարածած էր ընտանիքին վրայ։ Այս կորուստը իսկապէս ցաւալի է նաեւ այն առումով, որ կու գայ սուգի մատնել մեներգչուհի Սիպիլը։ Արդարեւ, կարծես նախախնամական տնօրինութիւն մը ըլլար, որ մինչ հոծ թիւով մարդիկ Սիպիլի քնքոյշ ձայնին մէջ մխիթարութիւն կը գտնեն կեանքի զանազան մարտահրաւէրներուն եւ փորձութիւններուն դիմաց, այսօր նոյն Սիպիլը անմխիթար կը սգայ իր սիրեցեալ մօր կորուստը։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալին եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք՝ մեներգչուհի Սիպիլին եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն։