ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մեջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսական պալատի ընդարձակ եւ շքեղ պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու հիւրընկալներն էին Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Իզապէլ Տիւմոն եւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոն։ Այս վերջինները ջերմօրէն դիմաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ ողջունելով անոր մասնակցութիւնը պաշտօնական ընդունելութեան։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ բարեմաղթանքներ յղեց ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտներուն՝ Ազգային տօնին առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր ընկերացաւ գաւազանակիրը՝ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։
Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակցեցան նաեւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, հրէից ռաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւի, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան եւ քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։
Ընդունելութեան ընթացքին դեսպան Իզապէլ Տիւմոն եւ աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոն հանդէս եկան ելոյթներով։ Հաւաքոյթի տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Բոլորը ընդունելութեան սեղաններու շուրջ ունեցան ջերմ եւ անմիջական զրոյց։
Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էին՝ բարձրաստիճան դիւանակալներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, համալսարանական շրջանակներէ դէմքեր, գործարարներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհի ներկայացուցիչներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր: