ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ իֆթարի մը, որ կազմակերպուած էր՝ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնի հիւրընկալմամբ։ Ֆրանսական պալատի շքեղ համալիրէն ներս սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ համակեցութեան ողջունելի պատկեր մը։ Երեկոյթը համախմբեց քաղաքիս կրօնական առաջնորդները, փոքրամասնութեանց շրջանակներէն ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, դիւանակալներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։

Աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոն եւ անմիջական գործակիցները ջերմօրէն ողջունեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025