Երկուշաբթի 19, Մայիս 2025
ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ ուշադրութեան կիզակէտին պահել ճատրակը։ Շաբաթավերջին, ակումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու ուղղեալ մրցաշարք մը, որ համախմբեց 33 մարզիկ։ «Երիտասարդաց բաժակ»ի խաղարկութիւնները տեղի ունեցան Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ։ Հինգ փուլ տեւեց մարցապայքարը, որու աւարտին յանձնուեցան մրցանակները։
Բաց աստի, վերջին ամիսներուն կազմակերպուած առցանց մրցաշարքերու եւ Մայրերու օրուան նոյնպէս առցանց մրցաշարքի պարգեւաբաշխումներն ալ տեղի ունեցան այս առթիւ։ Շիշլիի վարչայիններէն Տիանա Ալթուն, Սելին Կէզէրօղլու եւ Սարվէն Չաքմաք յանձնեցին մրցանակները։ Հարկ է նշել, որ այս նախաձեռնութիւնը համակարգուած էր Սարվէն Չաքմաքի կողմէ, որ Շիշլիի ճատրակի մարզիչն է։
Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025