ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքը շաբաթավերջին սկիզբ առաւ՝ մագնիսացնելով համայնքային մարզասէր շրջանակներուն ուշադրութիւնը։ Այս տարի 32-րդ անգամ կազմակերպուած է մրցաշարքը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Ռուբէն Սէմէրճեանի։
Այս տարի մրցաշարքին կը մասնակցի 11 միութենական խումբ՝ 132 մարզիկով եւ 44 պատասխանատուով։ Իրաւարարներու եւ այլ թեքնիք նիւթերու գծով Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դաշնակցութիւնը տրամադրած է անձնակազմ։ Առողջապահութեան գծով նախաձեռնութիւնը կը խրախուսէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը։
Գարակէօզեան տան համալիրի բացօթեայ մարզադաշտին վրայ տեղի կ՚ունենան հանդիպումները։ Առաջին խաղը տեղի ունեցաւ Կեդրոնականի եւ Տատեանի միջեւ։
Մրցաշարքի կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Գէորգ Սիմքէշեան, Ասլին Ուստաարամօղլու, Արաս Ալաքուշ, Արտէն Թէրզեան, Ռաֆֆի Քայըքճը, Արթուն Քալք, Սարօ Աբէլեան եւ Խաչիկ Ինկիլիզօղլու։