ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելեց Տիարպաքըր։ Հովուական բնոյթով այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ՝ պատմական քաղաքի այժմ խոնարհուած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին։ Ատենապետ Էրկիւն Այըքի կողմէ գլխաւորուած ծխական խորհուրդի անդամները եւ նախագծին ներգրաւուած ճարտարապետները շինարարութեան հասած փուլին շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ տուին Նորին Ամենապատուութեան։

Բաց աստի, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն՝ նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Երեկոյեան ալ ծխական խորհուրդը Նորին Ամենապատուութեան համար ընթրիքի սեղան մը սարքեց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։

Շաբաթ օրուան այս շփումներէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ալ նախագահեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին՝ ձեռամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Արթիւր Պաղտասարեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կեցութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Տիարպաքըրի համաքաղաքապետներուն՝ Սերրա Պուճաքի եւ Տողան Հաթունի, որոնց հետ զրուցեց եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքին շուրջ եւ հրաժեշտի փուլին յանձնեց յուշանուէր մը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն վերադարձած է իր Աթոռը։

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025