ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն համախմբուեցաւ երկու ուրախ հանդէսի առթիւ, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այդ հանդէսներէն մին Մէրամէթճեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար էր, իսկ միւսը՝ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջին։

Երկու հանդէսներու ընթացքին ալ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչները ջերմօրէն շրջապատեցին տղաքը եւ հանդէսներու մասնակից հիւրերը։ Տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ գնահատեց տղոց աշխատանքը եւ դպրոցի ուսուցչական կազմի նուիրումը։ Յայտագիրներու գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւններ, որոնք պատրաստուած էին ծնողաց միութեան կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025