ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԸ՝ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Ամենայն Սրբոց տօնը։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։ Ներկայ էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Էտվին սրկ. Կալիպօղլու։ Հաւատացեալները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան քարոզին, որու ընթացքին ան անդրադարձաւ օրուան տօնի խորհուրդին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Պալեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնն ալ գլխաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Սիրոյ սեղանի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան վերահասու դառնալու թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերջին նորութիւններուն։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ կարեւորեց սուրբերու տօներուն արժեւորումը եւ գնահատեց տեղւոյն թաղային խորհուրդին ջանքերը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2026