ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր Հռոմէն կը վերադառնայ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին մասնակցած էր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի գահակալութեան արարողութեան, որու ընթացքին ներկայացուցած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Արարողութեան մասնակից այլ եկեղեցիներու կամ կրօններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները երէկ առաւօտ Վատիկանի մէջ ընդունուեցան նորընտիր պապին կողմէ։ Այս փուլին ան կանգ առաւ համընդհանուր եղբայրութեան գաղափարին վրայ։ Սրբազան Պապը պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական երկխօսութիւնը խրախուսելու։

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքըն ալ ներկայ էր այս հաւաքին, որու ընթացքին Սրբազան Պապը խօսեցաւ այս տարուայ համաքրիստոնէական մեծ յոբելեանին մասին։ Արդարեւ, ներկայ տարին կը զուգադիպի Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին։ Նորընտիր քահանայապետը համոզուած է, թէ այս յոբելեանը հիմնարար հանգրուան մըն է՝ բոլոր եկեղեցիներու կողմէ ընդունուած հաւատոյ հանգանակի ձեւաւորման ճանապարհին։ Արդարեւ, Սրբազան Պապը շեշտեց դէպի հաւատքի միասնութեան ձգտումը, ինչ որ եղած է իր մշտական մտահոգութեան առարկան։ «Քրիստոնեաներու միութիւնը տեղի կ՚ունենայ միայն այն ժամանակ, երբ մենք միասնական ենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որովհետեւ որքան հաւատարիմ ու հնազանդ ենք անոր՝ այնքան միաւորուած ենք իրարու հետ», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց, որ բոլոր քրիստոնեաները կանչըուած են միասին աղօթելու եւ աշխատելու։

Բացի Վատիկանի Առաքելական պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած այս հաւաքէն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց Վատիկանի այգիներէն ներս տեղադրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ս. Պետրոսի տաճարի բակին կանգնեցուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանները։ Նորին Ամենապատուութեան ուղեկցեցան Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան, որոնք եւս մասնակցեցան շաբաթավերջի արարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ՝ որպէս գաւազանակիր։

  

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025