ՅԱՒԻՏԵՆՈՒԹԵԱՆ ՇԵՄԻՆ
Պէյօղլուի Սէն թ՚Անթուան եկեղեցին իր պատմական կամարներուն տակ երէկ իրիկուն հիւրընկալեց երաժշտասէր բազմութիւն մը։ Vox Aeterna՝ «Ձայն յաւիտենական» խորագիրը կրող երաժշտական այս ձեռնարկը ունկնդիրները հրաւիրած էր երաժշտութիւն լսելու, բայց նաեւ մասնակցելու ներքին ճամբորդութեան մը՝ ժամանակաւորէն դէպի յաւիտենականը, մարդկային զգացումներէն դէպի աստուածային խորհուրդը։
Համերգը կազմակերպուած էր Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի կողմէ՝ սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ եւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի ղեկավարութեամբ։ Ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորն էր Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ թաղի Ս. Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեակի առթիւ։ Ներկայ էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Տիեզերական պատրիարքի ներկայացուցիչը, երեսփոխան տոց. տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, հոգեւորականներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Արդէն իսկ ընտրուած վայրը՝ Սէն թ՚Անթուանի վեհաշուք տաճարը, կը յուշէր, թէ ձեռնարկը պիտի ձգտի գերազանցելու համերգի սովորական սահմանները։ Եկեղեցւոյ բարձր կամարներուն տակ հնչող երաժշտութիւնը կը դադրէր պարզ կատարում մը ըլլալէ եւ կը վերածուէր հոգեւոր փորձառութեան։
Համերգի ծրագիրը կազմուած էր ուշագրաւ մտածողութեամբ։ Յայտագրի գրքոյկին վրայ պատկերուած երկու աղաւնիները կը փոխանցէին խորհրդանշական ուղերձ մը՝ յիշեցնելով Եղիան ու Ենովքը, որոնց մասին «Ի վերին Երուսաղէմ» յայտնի երգին մէջ կը գործածուի «ծերացեալ աղաւնակերպ» բազմիմաստ արտայայտութիւնը։ Աղաւնին, որ քրիստոնէական խորհրդաբանութեան մէջ երկնային խաղաղութեան եւ Սուրբ Հոգիի նշանն է, այստեղ կը դառնայ նաեւ յաւիտենութեան պատգամաբերը։ Արդէն իսկ համերգի նախաբանին մէջ ունկնդիրը կը հրաւիրուէր լսելու ոչ միայն մարդկային ձայներ, այլ այն ձայնը, որ կու գայ ժամանակի սահմաններէն անդին։
Ծրագիրը բացուեցաւ Քարլ Օրֆի «Քարմինա պուրանա»ով։ Միջնադարեան բանաստեղծութիւններու վրայ հիմնուած այս գործը կ՚անդրադառնայ մարդկային կեանքի ամենահիմնական իրականութիւններուն՝ բախտ, սէր, ցանկութիւն, կորուստ։ Այս մեկնակէտը պատահական չէր վստահաբար. ան կը ներկայացնէր մարդկային կեանքը իր ամբողջ թափով եւ անկայունութեամբ։ Մարդը՝ իր ուրախութիւններով ու տառապանքներով, իր յաղթանակներով ու պարտութիւններով, կանգնած էր երաժշտական այս ճամբորդութեան սկզբնակէտին։
Այնուհետեւ ունկնդիրը հանդիպեցաւ ժամանակակից հայ երաժշտութեան։ Դաւիթ Հալաճեանի «Իմ լոյսը…» ստեղծագործութիւնը, զոր յաջողապէս կատարեց նուագախումբը, շատերու համար նոր բացայայտում մըն էր եւ ստեղծեց յատուկ մթնոլորտ։ Հոն կար ներփակուած խոհականութիւն մը, որ կարծես կը պատրաստէր յաջորդ հանգրուանին։
Համերգի առանցքային կէտը, սակայն, անկասկած բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի բառերով յօրինուած «Սիրոյ եւ մահուան երգը» եղաւ։ Ո՛չ միայն որովհետեւ ստեղծագործութիւնը գեղարուեստական բարձր արժէք ունէր, այլ որովհետեւ ան ծրագրին ճիշդ կեդրոնը կը գտնուէր՝ բառին թէ՛ իրական, թէ՛ խորհրդանշական իմաստով։ Սէրն ու մահը մարդկային գոյութեան երկու մեծ խորհուրդներն են, եւ Սեւակի բանաստեղծական աշխարհը զանոնք կը ներկայացնէ հազուագիւտ խորութեամբ։ Երաժշտական մարմնաւորման շնորհիւ այս գործը դարձած էր ողջ համերգի ողնաշարը։ Ծանր էր, այո՛, սակայն այդ ծանրութիւնը ճնշող չէր։ Ընդհակառակը, ան կը ստիպէր ունկնդիրը լքելու արտաքին աշխարհի աղմուկը եւ մտնելու իր ներաշխարհէն ներս։
Այդ կէտէն ետք համերգը կը թեւակոխէր ուրիշ ոլորտ մը։ Մարդկային կեանքի հարցադրումներէն աստիճանաբար կ՚անցնէինք մահուան խորհուրդին եւ անոր քրիստոնէական մեկնաբանութեան։ Այստեղ յատկապէս ուշագրաւ էր Գաբրիէլ Ֆորէի եւ Մոցարթի «Ռէքուիէմ»ներէն ընտրուած բաժիններու հերթագայութիւնը։ Այս լուծումը երաժշտական խիզախութիւն մըն էր, որ լիովին արդարացուց ինքզինք։
Մոցարթի «Ռէքուիէմ»ը իր ողբերգական լարումով, ահեղութեամբ եւ դատաստանի զգացումով դարերէ ի վեր կը ցնցէ ունկնդիրը։ Ֆորէի «Ռէքուիէմ»ը, ընդհակառակը, մահուան կը մօտենայ խաղաղութեան, հանգստութեան եւ երկնային մխիթարութեան զգացումով։ Երբ այս երկու աշխարհները կը ներկայաց-ւին իրարու մէջ ընդելուզուած կերպով, ունկնդիրը կարծես կը տեսնէ քրիստոնէական փորձառութեան ամբողջութիւնը։ Մահը այլեւս ո՛չ միայն սարսափի, այլեւ յոյսի դուռ կը դառնար։ Դատաստանի ահը կը միանար յաւիտենական հանգստութեան խոստումին։
Այս բոլորին գագաթնակէտը դարձաւ Ահմէտ Ատնան Սայկունի «Eski Üslupta Kantat» գործէն «Tanrım» հատուածը։ Եթէ համերգի առաջին մասը կարելի էր բնորոշել որպէս մարդկային ձայն, ապա վերջին բաժինները արդէն աղօթք էին։ Երաժշտութիւնը կը դադրէր ինքն իր մասին խօսելէ եւ կը սկսէր պատմել Աստուծոյ մասին։
Ահա այստեղ է, որ «Ձայն յաւիտենական» խորագիրը կը բացայայտէ իր ամբողջ իմաստը։ Յաւիտենութիւնը երաժշտութեան նիւթը չէր միայն. անոր նպատակակէտն էր։ Համերգը կը յաջողէր ունկնդիրը առաջնորդել կեանքի աղմուկէն դէպի ներքին լռութիւն, ուր մարդը կը սկսի լսել աւելի խոր ձայն մը։
Այս նախագիծ-ձեռնարկին յաջողութեան գլխաւոր վաստակը, բնականաբար, կը պատկանի խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի։ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը տարիներու ընթացքին ձեռք բերած է այնպիսի փորձառութիւն եւ հասունութիւն, որ կը գերազանցէ սիրողական բնորոշումը։ Այդ հասունութեան մէջ անկասկած վճռորոշ է խմբավարի դերը։ Ո՛չ միայն երաժշտական ճշգրտութիւնը, այլեւ ամբողջ ծրագրի ներքին տրամաբանութիւնը կը մատնանշէր երկար խորհրդածութեանց, աշխատանքի, տեսլականի եւ նուիրումի առկայութիւնը։
Երեկոյթի աւարտին հանդիսատեսի երկարատեւ եւ յոտնկայս ծափահարութիւնները բնական արձագանգն էին ապրուած փորձառութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հուսկ բանքին մէջ պատմեց հետեւեալ ուշագրաւ դրուագը։ Հէնտէլի ստեղծագործութիւններէն մէկու կատարումէն ետք, երբ հանդիսատեսը խանդավառ ծափահարութիւններով կը փորձէր պատուել զինք, մեծ երաժիշտը մատը դէպի երկինք բարձրացնելով պատասխանած է. «Ի՛նքն է արարողը»։
Թերեւս այս պատմութիւնը «Ձայն յաւիտենական» համերգին ամենայարմար մեկնաբանութիւնն է։ Արուեստը իր բարձրագոյն արտայայտութեան մէջ երբեք ինքն իրեն չի մատնանշեր։ Ան կը դառնայ պատուհան մը, որու ընդմէջէն մարդ կը տեսնէ աւելի մեծ իրականութիւն մը։ Երէկ իրիկուն Սէն թ՚Անթուան եկեղեցւոյ մէջ հնչած երաժշտութիւնը նոյնպէս կը ձգտէր այդ նպատակին։ Ան մեզ կը հրաւիրէր լսելու ո՛չ միայն երգչախումբի ձայները, ո՛չ միայն նուագախումբի հնչիւնները, այլեւ այն «ձայն յաւիտենական»ը, որուն ի վերջոյ կը փորձեն մօտենալ բոլոր ճշմարիտ արուեստները։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ