Չորեքշաբթի 20, Օգոստոս 2025
ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Գնալըի բարձունքին երէկ տեղի ունեցաւ 2025 թուականի ամրան եղանակի 3-5 տարեկան փոքրիկներու ուղղեալ վերջին հաւաքոյթը։ Թանիա Փաքէրթիքի եւ Լեռնա Թարաքճեանի գլխաւորութեամբ տղաքը աշխատանոցի մը ձեւաչափին մէջ հաճելի ժամանց ունեցան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ բոլորին նկատմամբ։ Եզրափակիչ փուլին փոքրիկները արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։ Բոլորի մաղթանքն էր յաջորդ ամրան դարձեալ զիրար վերագտնել։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2025