Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԱՏԻԿ ԹՈՔԷՐՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ծխականները Կեսարիոյ եկեղեցւոյ տարեկան ուխտի օրուան ընդառաջ Պատրիարքարան փութացած էին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ ալ փոխանցեցին եկեղեցւոյ այժմու կացութեան եւ ծխական խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծխականներէն քաղած թարմ տեղեկութիւններու լոյսին տակ գնահատեց անոնց գործունէութիւնը եւ օրհնեց իրենց՝ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերը։
Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025